Javascript must be enabled to continue!
The Legacy of the Armenian Community in Syria: A Century of Diasporic Existence, 1915-2015
View through CrossRef
Հեղինակը կը ներկայացնէ սուրիահայութեան վերջին հարիւրամեակի աւանդը: Ան հակիրճ կ'անդրադառնայ գաղութին կազմաւորման՝ Ցեղասպանութենէն ետք, ապա եւ՝ կազմակերպման ու մշակութային վերելքին՝ մինչեւ Բ. Համաշխարհային Պատերազմ: Հիմնուելով սփիւռքագիտական տեսութիւններու վրայ, հեղինակը կը քննարկէ սփիւռքացման բարդութիւնները, ձեւափոխութիւնը՝ սկզբնական տարագիր փուլէն դէպի գաղութի եւ մշակոյթի կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ փոփոխութիւնը՝ հայապահպանման հրամայականներուն հասկացութիւններուն մէջ: Զեկոյցը կը քննարկէ հայկական սփիւռքի գոյութիւնը պատկերող գրական նմուշներ: Հակառակ տարբեր քաղաքական եւ տնտեսական դժուարութիւններու, սուրիահայութիւնը՝ մինչեւ 1960ականներու սկիզբը, ականատես եղաւ մշակութային հսկայ բերքի: Հիմնուեցան հայկական հրատարակչատուներ եւ տարբեր քաղաքական երանգներու օրաթերթեր: Զեկոյցը համապատկեր մը կը ներկայացնէ այն ճիգերուն, որոնք կատարուեցան կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու, համայնքային կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ եկեղեցիներու կողմէ՝ մշակոյթի պահպանման եւ գաղութային կեանքին համար: Սուրիահայութիւնը Միջին Արեւելքի այլ գաղութներու կողքին, իբրեւ շտեմարան ծառայեց հայ լեզուի եւ մշակոյթի: 1940-60ականներուն Լիբանան գաղթած սուրիահայեր, ինչպէս եւ Արեւմուտք գաղթած միջին արեւելքցի հայեր նպաստեցին Արեւմուտքի գաղութներուն մշակութային երիտասարդացման: Հեղինակը կը քննարկէ յարաբերութեան բնոյթը հայկական գաղութին եւ հիւրընկալ ընկերութեան միջեւ, եւ կը պնդէ, որ հակառակ տասնամեակներու ձեռքբերումներուն, ներկայ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծ սպառնալիք յառաջացած է գաղութի գոյատեւման: Սուրիահայութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընտանիքը, գաղութի կրթական հաստատութիւնները, եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ մտաւորականութիւնը միաձուլուած՝ կը ձեւաւորեն անհատական եւ հաւաքական ինքնութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը՝ իբրեւ անբաժանելի բաղադրիչը Սփիւռքի գոյութեան: Սուրիահայութեան պարագան կը հաստատէ, թէ Սփիւռքի հայօճախի մը մշակութային եւ ֆիզիքական գոյատեւումը կախեալ է հիւրընկալ ընկերութեան քաղաքական փոփոխականութենէն եւ անոր կառավարութեան վարած ընդհանուր քաղաքականութենէն:
Title: The Legacy of the Armenian Community in Syria: A Century of Diasporic Existence, 1915-2015
Description:
Հեղինակը կը ներկայացնէ սուրիահայութեան վերջին հարիւրամեակի աւանդը: Ան հակիրճ կ'անդրադառնայ գաղութին կազմաւորման՝ Ցեղասպանութենէն ետք, ապա եւ՝ կազմակերպման ու մշակութային վերելքին՝ մինչեւ Բ.
Համաշխարհային Պատերազմ: Հիմնուելով սփիւռքագիտական տեսութիւններու վրայ, հեղինակը կը քննարկէ սփիւռքացման բարդութիւնները, ձեւափոխութիւնը՝ սկզբնական տարագիր փուլէն դէպի գաղութի եւ մշակոյթի կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ փոփոխութիւնը՝ հայապահպանման հրամայականներուն հասկացութիւններուն մէջ: Զեկոյցը կը քննարկէ հայկական սփիւռքի գոյութիւնը պատկերող գրական նմուշներ: Հակառակ տարբեր քաղաքական եւ տնտեսական դժուարութիւններու, սուրիահայութիւնը՝ մինչեւ 1960ականներու սկիզբը, ականատես եղաւ մշակութային հսկայ բերքի: Հիմնուեցան հայկական հրատարակչատուներ եւ տարբեր քաղաքական երանգներու օրաթերթեր: Զեկոյցը համապատկեր մը կը ներկայացնէ այն ճիգերուն, որոնք կատարուեցան կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու, համայնքային կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ եկեղեցիներու կողմէ՝ մշակոյթի պահպանման եւ գաղութային կեանքին համար: Սուրիահայութիւնը Միջին Արեւելքի այլ գաղութներու կողքին, իբրեւ շտեմարան ծառայեց հայ լեզուի եւ մշակոյթի: 1940-60ականներուն Լիբանան գաղթած սուրիահայեր, ինչպէս եւ Արեւմուտք գաղթած միջին արեւելքցի հայեր նպաստեցին Արեւմուտքի գաղութներուն մշակութային երիտասարդացման: Հեղինակը կը քննարկէ յարաբերութեան բնոյթը հայկական գաղութին եւ հիւրընկալ ընկերութեան միջեւ, եւ կը պնդէ, որ հակառակ տասնամեակներու ձեռքբերումներուն, ներկայ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծ սպառնալիք յառաջացած է գաղութի գոյատեւման: Սուրիահայութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընտանիքը, գաղութի կրթական հաստատութիւնները, եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ մտաւորականութիւնը միաձուլուած՝ կը ձեւաւորեն անհատական եւ հաւաքական ինքնութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը՝ իբրեւ անբաժանելի բաղադրիչը Սփիւռքի գոյութեան: Սուրիահայութեան պարագան կը հաստատէ, թէ Սփիւռքի հայօճախի մը մշակութային եւ ֆիզիքական գոյատեւումը կախեալ է հիւրընկալ ընկերութեան քաղաքական փոփոխականութենէն եւ անոր կառավարութեան վարած ընդհանուր քաղաքականութենէն:.
Related Results
History of Genocides
History of Genocides
The textbook presents the mass killings and other atrocities that have occurred worldwide and have been defined as genocide by international tribunals, other international bodies, ...
The unfounded mass burials of the so-called Armenian Genocide
The unfounded mass burials of the so-called Armenian Genocide
According to some sources, The
Armenian Genocide Appeals (the so-called Armenian Genocide or the Unfounded
Armenian Claims) indicate that the Armenian deportation, which was carrie...
ARTIFICIAL PROBLEMS OF ARMENIAN STUDIES IN ACADEMIC SCIENCE
ARTIFICIAL PROBLEMS OF ARMENIAN STUDIES IN ACADEMIC SCIENCE
The article touches upon a situation in the field of Armenian studies, which was initially created as a bogus receiving pseudo-scientific formulations, which in academic linguistic...
Linguistic analysis of the Modern Armenian (ashkharabar) books printed in the first half of the 18th century in Venice
Linguistic analysis of the Modern Armenian (ashkharabar) books printed in the first half of the 18th century in Venice
This article is dedicated to the study of the linguistic system of the Modern Armenia (ashkharabar) books printed in Venice in the first half of the 18th century. These books play...
XIX CENTURY EASTERN ARMENIAN DRAMATURGY
XIX CENTURY EASTERN ARMENIAN DRAMATURGY
In Eastern Armenian reality, a lasting value of dramaturgy was created through the initiative of Gabriel Sundukian. He became one of the first and most prominent representatives of...
FROM THE HISTORY OF RELATIONS BETWEEN THE ARMENIAN STATE OF CILICIA AND THE CHURCH (1219-1226)
FROM THE HISTORY OF RELATIONS BETWEEN THE ARMENIAN STATE OF CILICIA AND THE CHURCH (1219-1226)
The goal of this article is to study the history of the relations between the Cilician State and the Church during the period of the most important and paramount importance in the ...
THE PHILOLOGICAL VALUE OF PARANDZEM MEYTIKHANYAN‘S WORK "ARMENIAN ONOMASTICON"
THE PHILOLOGICAL VALUE OF PARANDZEM MEYTIKHANYAN‘S WORK "ARMENIAN ONOMASTICON"
The renowned Armenian linguist, Doctor of Philology, and Professor
P. Meytikhanyan has dedicated many years to the study of the Armenian
anthroponymic system-including first names,...
LANGUAGE POLICY AND TRANSLATION TRENDS IN THE 19TH CENTURY ARMENIAN PERIODICALS
LANGUAGE POLICY AND TRANSLATION TRENDS IN THE 19TH CENTURY ARMENIAN PERIODICALS
In the article, we discussed the language policy of the Armenian-language periodicals of the 19th century, which was characterized by the influence of translation trends and princi...

