Javascript must be enabled to continue!
The Armenian Prelacy of Aleppo (Mid 1920s-late 20th Century)
View through CrossRef
Հեղինակը Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին պատմութիւնը հակիրճ վերաքաղելէ ետք, կը կեդրոնանայ Ա. Համաշխարհայինէն մինչեւ ներկայ հանգրուանի առաջնորդարանին պատմութեան վրայ, մեկնելով իւրաքանչիւր առաջնորդի վարած քաղաքականութենէն ու գործունէութենէն: Սկզբնապէս հիմնուած Սալիպէի Հայ Առաքելական Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, առաջնորդարանը 1970ին տեղափոխուեցաւ մօտակայ նոր շէնք մը, եւ ցարդ հոն կը մնայ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը շրջադարձային եղաւ առաջնորդարանի պատմութեան մէջ, երբ հազարաւոր գաղթականներու հոսքը՝ զայն մատնեց աննախադէպ տագնապներու: Առաջնորդարանը գործեց որպէս պաշտօնական կեդրոն՝ գաղթակայաններու վարման եւ նպաստներու մատուցման, նաեւ՝ կրթական, հոգեւոր, մշակութային վերաշինութեան, միջավայրին հետ բարուօք յարաբերութեանց զարգացման: Առաջնորդարանը, ամբողջ երկրին նման, դիմագրաւեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ՝ սուրիական քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Հակառակ դժուարութիւններուն, առաջնորդարանը տասնամեակներով ունեցաւ կայուն վիճակ եւ աճեցաւ: Մասնակցելով համայնքի բոլոր աշխուժութիւններուն, առաջնորդարանը սերտ կապեր պահպանեց համայնքի բոլոր դասակարգերուն եւ հանրային ծառայողներուն հետ: Ան վերջին տարիներուն բազում հրատարակութիւններ իրագործեց: 1990ականներու կէսերէն, համայնքը իր կենսունակութիւնը վերագտնելու գործընթացին մէջ էր, սակայն պատերազմը եկաւ Ցեղասպանութենէն ետք համայնքը կերտելու եւ անոր ինքնութիւնը տարազելու տասնամեակներու ճիգը հարցականի տակ դնել:
Title: The Armenian Prelacy of Aleppo (Mid 1920s-late 20th Century)
Description:
Հեղինակը Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին պատմութիւնը հակիրճ վերաքաղելէ ետք, կը կեդրոնանայ Ա.
Համաշխարհայինէն մինչեւ ներկայ հանգրուանի առաջնորդարանին պատմութեան վրայ, մեկնելով իւրաքանչիւր առաջնորդի վարած քաղաքականութենէն ու գործունէութենէն: Սկզբնապէս հիմնուած Սալիպէի Հայ Առաքելական Ս.
Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, առաջնորդարանը 1970ին տեղափոխուեցաւ մօտակայ նոր շէնք մը, եւ ցարդ հոն կը մնայ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը շրջադարձային եղաւ առաջնորդարանի պատմութեան մէջ, երբ հազարաւոր գաղթականներու հոսքը՝ զայն մատնեց աննախադէպ տագնապներու: Առաջնորդարանը գործեց որպէս պաշտօնական կեդրոն՝ գաղթակայաններու վարման եւ նպաստներու մատուցման, նաեւ՝ կրթական, հոգեւոր, մշակութային վերաշինութեան, միջավայրին հետ բարուօք յարաբերութեանց զարգացման: Առաջնորդարանը, ամբողջ երկրին նման, դիմագրաւեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ՝ սուրիական քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Հակառակ դժուարութիւններուն, առաջնորդարանը տասնամեակներով ունեցաւ կայուն վիճակ եւ աճեցաւ: Մասնակցելով համայնքի բոլոր աշխուժութիւններուն, առաջնորդարանը սերտ կապեր պահպանեց համայնքի բոլոր դասակարգերուն եւ հանրային ծառայողներուն հետ: Ան վերջին տարիներուն բազում հրատարակութիւններ իրագործեց: 1990ականներու կէսերէն, համայնքը իր կենսունակութիւնը վերագտնելու գործընթացին մէջ էր, սակայն պատերազմը եկաւ Ցեղասպանութենէն ետք համայնքը կերտելու եւ անոր ինքնութիւնը տարազելու տասնամեակներու ճիգը հարցականի տակ դնել:.
Related Results
History of Genocides
History of Genocides
The textbook presents the mass killings and other atrocities that have occurred worldwide and have been defined as genocide by international tribunals, other international bodies, ...
ARTIFICIAL PROBLEMS OF ARMENIAN STUDIES IN ACADEMIC SCIENCE
ARTIFICIAL PROBLEMS OF ARMENIAN STUDIES IN ACADEMIC SCIENCE
The article touches upon a situation in the field of Armenian studies, which was initially created as a bogus receiving pseudo-scientific formulations, which in academic linguistic...
XIX CENTURY EASTERN ARMENIAN DRAMATURGY
XIX CENTURY EASTERN ARMENIAN DRAMATURGY
In Eastern Armenian reality, a lasting value of dramaturgy was created through the initiative of Gabriel Sundukian. He became one of the first and most prominent representatives of...
LANGUAGE POLICY AND TRANSLATION TRENDS IN THE 19TH CENTURY ARMENIAN PERIODICALS
LANGUAGE POLICY AND TRANSLATION TRENDS IN THE 19TH CENTURY ARMENIAN PERIODICALS
In the article, we discussed the language policy of the Armenian-language periodicals of the 19th century, which was characterized by the influence of translation trends and princi...
Armeniske bøger fra 15-1700-tallet i Det Kongelige Biblioteks samlinger
Armeniske bøger fra 15-1700-tallet i Det Kongelige Biblioteks samlinger
In 2012, through various presentations and exhibitions, the 500th anniversary of thefirst printed book in Armenian was celebrated. Thus, 19 Armenian books printed from1565 to 1745,...
Art. XXX.—The Syro-Armenian Dialect
Art. XXX.—The Syro-Armenian Dialect
That Armenian was at one time written in Syriac characters is asserted by writers on Armenian antiquities, of whom one, Indjidjean, whose work appeared at Venice in 1835, says: “We...
ICONOGRAPHIC ORIGINS OF " TIARA" OF TIGRAN THE GREAT
ICONOGRAPHIC ORIGINS OF " TIARA" OF TIGRAN THE GREAT
In the ancient systems of the world, the main persons-kings, rulers - carried an important philosophical distinguishing element, wore a ceremonial crown hats. They differed both in...
Armenian Manuscript-Related Articles in the Pages of the “Bazmavep” in the 19th Century
Armenian Manuscript-Related Articles in the Pages of the “Bazmavep” in the 19th Century
In the 19th century, publication of the descriptions and studies of Armenian manuscripts began through the manuscript catalogues and the publication of articles in Armenian periodi...

