Search engine for discovering works of Art, research articles, and books related to Art and Culture
ShareThis
Javascript must be enabled to continue!

Lés Combats de Kévork L'affligé le Catholicos Kévork V Souréniantz Vechdali (1911-1930)

View through CrossRef
Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի կղերական կեանքի շրջանը կը զուգադիպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յատկանշական փոփոխութիւններու, որոնց ընթացքին ան յաջողեցաւ պահպանել ու փոխանցել Հայ Եկեղեցին իր յետնորդներուն: Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց վերացումով անհրաժեշտ դարձաւ եկեղեցական նուիրապետութեան վերանշակումը: Աւելին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գոյավիճակի փոփոխութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութեան, Սփիւռքի հայութեան գոյառումին եւ նորաստեղծ համայնքներու կարգաւորման խնդիրներուն կողքին, Եկեղեցին դիմագրաւեց բարեկարգման շարժումներ: 1910ականներուն Եկեղեցին կ'ապրի երիտասարդ եւ երէց վարդապետերու բարեկարգչական առճակատումը: Ասոր հետեւանքով Գարեգին Յովսէփեան կը դադրեցուի Արարատի խմբագրութենէն, իսկ Երուանդ Տէր Մինասեան կը հանէ իր սքեմը: Մատթէոս Իզմիրլեան Կաթողիկոսի վախճանում՝ Դեկտեմբեր 1910ին, Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կը դառնայ Կաթողիկոսական Տեղապահ եւ կ'ընտրուի կաթողիկոս՝ Ազատ Եկեղեցիի Խմբաւորում անուան տակ գործող բարեկարգչականներու պատուիրակութեան կաթողիկոսական ընտրութենէն քաշուելէ ետք: Նոյն շրջանին, թափ կ'առնէ Հայկական Հարցը Կաթողիկոսը Կոնդակով մը Պօղոս Նուպարին իրաւասութիւն կու տայ կազմելու եւ գլխաւորելու Ազգային Պատուիրակութիւնը: Ա. Աշխարհամարտը կը յեղաշրջէ առնուած քայլերը: Գէորգ Ե. կը ճգնի ապահովել աջակցութիւնը Ռուսաստանին, թափ կու տայ կամաւորական շարժումին: Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ կը վերափոխուի արեւմտահայ ճակատագրին ընթացքը, Էջմիածինը կ'անջատուի պետութենէն եւ Վեհափառը կը լծուի ինքնիշխան կառոյցի վերածել Եկեղեցին: Միւս կողմէ, հակակշռելու համար արեւմտեան միսիոնարներու առաքելութիւնը, ան կը լծուի եկեղեցական բարեկարգութեան: 1918 Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը Եկեղեցին կը դնէ նոր իրավիճակի մէջ: 1920 Ապրիլ 11ին, Վրթանէս Փափազեանի թելադրանքով բոլոր հայ եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ այն 760 մտաւորականներուն եւ կղերականներուն համար, որոնք նահատակուեցան 1915ին: 1920 Յունուարին լոյս կը տեսնէ Էջմիածինը: Հայ Եկեղեցին կը դիմագրաւէ փորձութեան նոր շրջան մը, ու Գէորգ Ե. իր անուան կը կցէ Վշտալի մակդիրը: Խորհրդայնացմամբ Եկեղեցին ամբողջ քսան տարի կ'ենթարկուի ծանր հալածանքի՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ, կը գրաւուին անոր կալուածներն ու ինչքերը: Նոյն շրջանին, կը վերադասաւորուի Սփիւռքը, 1924ին կը կազմուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը, Եկեղեցիին կը տրուին կարգ մը իրաւասութիւններ՝ արտասահմանի թեմերու առնչութեամբ: Դժուարութիւններ կը յառաջանան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Գէորգ Ե. Կաթողիկոս Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի հետ համախորհուրդ, կ'աջակցի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերակառուցման:
Title: Lés Combats de Kévork L'affligé le Catholicos Kévork V Souréniantz Vechdali (1911-1930)
Description:
Գէորգ Ե.
Սուրէնեանց Կաթողիկոսի կղերական կեանքի շրջանը կը զուգադիպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յատկանշական փոփոխութիւններու, որոնց ընթացքին ան յաջողեցաւ պահպանել ու փոխանցել Հայ Եկեղեցին իր յետնորդներուն: Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց վերացումով անհրաժեշտ դարձաւ եկեղեցական նուիրապետութեան վերանշակումը: Աւելին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գոյավիճակի փոփոխութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութեան, Սփիւռքի հայութեան գոյառումին եւ նորաստեղծ համայնքներու կարգաւորման խնդիրներուն կողքին, Եկեղեցին դիմագրաւեց բարեկարգման շարժումներ: 1910ականներուն Եկեղեցին կ'ապրի երիտասարդ եւ երէց վարդապետերու բարեկարգչական առճակատումը: Ասոր հետեւանքով Գարեգին Յովսէփեան կը դադրեցուի Արարատի խմբագրութենէն, իսկ Երուանդ Տէր Մինասեան կը հանէ իր սքեմը: Մատթէոս Իզմիրլեան Կաթողիկոսի վախճանում՝ Դեկտեմբեր 1910ին, Գէորգ Ե.
Սուրէնեանց կը դառնայ Կաթողիկոսական Տեղապահ եւ կ'ընտրուի կաթողիկոս՝ Ազատ Եկեղեցիի Խմբաւորում անուան տակ գործող բարեկարգչականներու պատուիրակութեան կաթողիկոսական ընտրութենէն քաշուելէ ետք: Նոյն շրջանին, թափ կ'առնէ Հայկական Հարցը Կաթողիկոսը Կոնդակով մը Պօղոս Նուպարին իրաւասութիւն կու տայ կազմելու եւ գլխաւորելու Ազգային Պատուիրակութիւնը: Ա.
Աշխարհամարտը կը յեղաշրջէ առնուած քայլերը: Գէորգ Ե.
կը ճգնի ապահովել աջակցութիւնը Ռուսաստանին, թափ կու տայ կամաւորական շարժումին: Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ կը վերափոխուի արեւմտահայ ճակատագրին ընթացքը, Էջմիածինը կ'անջատուի պետութենէն եւ Վեհափառը կը լծուի ինքնիշխան կառոյցի վերածել Եկեղեցին: Միւս կողմէ, հակակշռելու համար արեւմտեան միսիոնարներու առաքելութիւնը, ան կը լծուի եկեղեցական բարեկարգութեան: 1918 Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը Եկեղեցին կը դնէ նոր իրավիճակի մէջ: 1920 Ապրիլ 11ին, Վրթանէս Փափազեանի թելադրանքով բոլոր հայ եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ այն 760 մտաւորականներուն եւ կղերականներուն համար, որոնք նահատակուեցան 1915ին: 1920 Յունուարին լոյս կը տեսնէ Էջմիածինը: Հայ Եկեղեցին կը դիմագրաւէ փորձութեան նոր շրջան մը, ու Գէորգ Ե.
իր անուան կը կցէ Վշտալի մակդիրը: Խորհրդայնացմամբ Եկեղեցին ամբողջ քսան տարի կ'ենթարկուի ծանր հալածանքի՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ, կը գրաւուին անոր կալուածներն ու ինչքերը: Նոյն շրջանին, կը վերադասաւորուի Սփիւռքը, 1924ին կը կազմուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը, Եկեղեցիին կը տրուին կարգ մը իրաւասութիւններ՝ արտասահմանի թեմերու առնչութեամբ: Դժուարութիւններ կը յառաջանան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Գէորգ Ե.
Կաթողիկոս Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի հետ համախորհուրդ, կ'աջակցի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերակառուցման:.

Related Results

Yoruba Mythology in Wole Soyinka’s A Dance of the Forests and The Road
Yoruba Mythology in Wole Soyinka’s A Dance of the Forests and The Road
Cette étude porte sur les catégories et les fonctions de la mythologie Yoruba dans deux des pièces de théâtre de Wole Soyinka à savoir A Dance of the Forests et The Road. Les types...
De la poésie à la peinture
De la poésie à la peinture
La poésie et la peinture étaient toujours deux différentes expressions de l’esprit et de l’âme de l’homme qui sont dédiées à présenter absolument chacune à sa façon ce qui était di...
Rewolucja krakowska 1846 roku na tle niektórych polskich koncepcyj społeczno-politycznych lat 1831—1846
Rewolucja krakowska 1846 roku na tle niektórych polskich koncepcyj społeczno-politycznych lat 1831—1846
La chute de l’insurrection de Novembre dans le Royaume du Congrès en 1831 rendit, entre d’autres, deux faits évidents comme: 1) celui de la crise, toujours plus grave de l’économie...
Les commissions sanitaires dans les arrondissements de Céret et de Prades (1821-1930)
Les commissions sanitaires dans les arrondissements de Céret et de Prades (1821-1930)
En 1998, Marie-Pierre et Marjorie Laurens ont soutenu, à l’Université de Perpignan, une maîtrise remarquable sur Les Commissions sanitaires dans les arrondissements de Céret et de ...
Care
Care
Les années 1980 ont vu l'émergence, en philosophie, d’une éthique du care, qui n’a cessé de se développer et de gagner en importance. En rupture avec les conceptions kantiennes et ...
Effet de l’expertise et du sexe sur les contraintes à l’épaule en manutention
Effet de l’expertise et du sexe sur les contraintes à l’épaule en manutention
L’atteinte de troubles musculosquelettiques (TMS) parmi les travailleurs et travailleuses au Québec était récemment estimée à 732 000 cas (Stock et al., 2014). Ces TMS sont associé...
Socioanthropologie
Socioanthropologie
Le contexte actuel tel que le dessinent les tendances lourdes de ce troisième millénaire convie à interpeller les outils des science sociales forgés précédemment. La compréhension ...

Back to Top